«Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» (Գրութիւններու յանձնումին պայմանաժամը՝ 28 Յունուար, 2022)

«Վերջին 300 տարիներու ամենաազդեցիկ հայը» Տարբերակ21 առցանց հանդէսին (www.darperag21.net) կողմէ կազմակերպուած փորձագրական (essay) մրցոյթ է, որուն կրնան մասնակցիլ պատմաբանութեան, քաղաքագիտութեան, ընկերաբանութեան, մշակութաբանութեան եւ այլ գիտութիւններու 25-էն 40 տարեկան ուսանողներ եւ մասնագէտներ աշխարհի բոլոր կողմերէն: Մրցոյթը յաղթող գրութեան հեղինակը կամ հեղինակները պիտի ստանա(ն)յ 150 ամերիկեան տոլարի մրցանակ. երկու այլ գրութիւններու պիտի շնորհուին յատուկ գնահատանքի մրցանակներ՝ իւրաքանչիւրը 75 ամերիկեան տոլարի չափով: Մրցոյթին ներկայացուած այլ գրութիւններու հեղինակները, որոնց գործերը կը հրապարակուին Տարբերակ21 հանդէսին մէջ, կը ստանան 30 ամերիկեան տոլարի պատուեգին:
For more info: https://bit.ly/33bWKMq