Արեւմտահայերէնի Speech-to-Text եւ Text-to-Speech
Սիրելի ընկերներ, սկիզբ առաւ Արեւմտահայերէնի ձայնային հիմնադարանին ձեւաւորումը, որուն հիմքին վրայ պիտի կառուցուին երկու կարեւոր թուային գործիքներ՝ Արեւմտահայերէնի Speech-to-Text եւ Text-to-Speech․ Ծրագիրը կը գործադրուի Հայ ազգային արագացման հանրային նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ։ Արեւմտահայերէնի բոլոր լեզուակիրները կրնան մասնակցիլ այս գործիքներու կառուցումին առանց որեւէ խտրութեան` տարիքի, առոգանութեան կամ այլ. ընդամէնը կը պահանջուի շուրջ 20-25 վայրկեան ժամանակ՝ կատարելու համար ձայնագրութիւններ նախաձեռնութեան կայքին մէջ, ուր կան պատրաստի թեքսթեր։ Կրնաք նոյնիսկ ձայնագրել ձեր նախընտրած թեքսթերը՝ սեփական թէ այլոց գրութիւնները, ձեր նախասիրած գրական ստեղծագործութիւնները․․․